Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 5

:
Armenian - 2019
1 Լսեցիձերմէջ տեղիունեցած անբարոյութեան մը մասին. եւ այնպիսի անբարոյութիւն մը՝ որ նոյնիսկ հեթանոսներուն մօտ դատապարտուած է։ Լսեցի արդարեւ, թէ մարդուն մէկը իր հօրը կնոջ հետ կը կենակցի։
2 Եւ դեռ դուք կը հպարտանա՞ք. պէտք չէ՞ր, ընդհակառակը, սգայիք, եւ ձեր մէջէն դուրս դնէիք այդ անբարոյութիւնը գործողը։
3 Ես թէպէտեւ մարմինով հեռու՝ բայց հոգիով ձեզի հետ եմ, եւ արդէն իբրեւ ձեր մէջ ներկայ՝ վճիռս տուի։
4 Կ՚ուզեմ որ երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով իրարու քով գաք, եւ ես ալ հոգիով ձեզի հետ ըլլամ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի տուած իշխանութեամբ՝
5 այդ անբարոյութիւնը գործողը իր մարմինով Սատանային կամքին ձգէք, որպէսզի մարմինը կորսուի, եւ այսպիսով թերեւս հոգին փրկուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։
6 Ճիշդ չէ որ պարծենաք։ Չէ՞ք գիտեր առածը, որ կ՚ըսէ. «Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ»։
7 Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք, ինչպէս որ էք արդէն, քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ։
8 Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, այսինքն՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ, այլ՝ առանց թթխմորի, այսինքն՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։
9 Նամակիս մէջ ձեզի գրած էի, որ անբարոյ մարդոց հետ չյարաբերիք։
10 Բայց յստակ է որ խօսքս հեթանոս աշխարհին անբարոյ մարդոց կամ ագահներուն կամ յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն մասին չէր. այլապէս ստիպուած պիտի ըլլայիք այս աշխարհէն հեռանալու։
11 Մինչդեռ այդ տողերովս ըսել կ՚ուզէի որ չյարաբերիք անոնց հետ՝ որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամ բամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող։ Այնպիսիներուն հետ նոյնիսկ սեղան մի՛ նստիք։